Մինչ Թուրք-գանատացիներ կը Դիտեն՝ Գանատայի Պաշտպանութեան Նախարարը կը Վերահաստատէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը


Canadian Press կը գրէ. 

«Պաշտպանութեան նախարար Ճէյսըն Քենի Ապրիլ 24-ին Գանատայի խորհրդարանին դիմաց հաւաքուած գանատահայերուն յայտնեց, որ իրենց հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը երբեք այս երկրին կողմէ պիտի չմոռցուի։

Քենի խորհդարանի շէնքի արեւելեան բաժինին մէջ հաւաքուած հարիւրաւոր գանատահայերուն առջեւ վերահաստատեց Գանատայի ՆԱԹՕ-ի դաշնակից Թուրքիոյ կողմէ կտրուկ կեպով մերժուած ուրացողի վիճելի կեցուածքը։

Մինչ այդ մէկը կը կատարէր՝ հարիւրաւոր թուրք-գանատացի ցուցարարներ հաւաքուած էին հազիւ քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ՝ շէնքի արեւմտեան բաժինին մէջ, եւ զիրենք հայերէն կը բաժնէր առժամեայ պողպատեայ անցարգելները եւ խորհրդարանի քանի մը մեթր լայնք ունեցող արահետը։

Քենիի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ Համաշխարհային Ա. պատերազմի անջատ ոգեկոչումներու շաբաթավերջի նախօրեակին արտասանած խօսքերը հայերուն բացայայտ զօրակցութեան արտայայտութիւններ կը պարունակէին։

«Այսօր այստեղ ենք իբրեւ հպարտ գանատացիներ, որովհետեւ յիշողութեան կը հաւատանք», ըսաւ Քենի։

Ահա թէ ինչու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան հարիւրամեակին հաւաքուած ենք կոչ ուղղելու՝ աղօթքներով յիշելու հոգիները բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին ահաւոր բռնարարքներու արշաւի մը ընթացքին»։

Քենի թուրքերը չնշեց, ոչ ալ միւս կողմ հաւաքուած թուրք-գանատացիներուն մօտ այցելեց, որոնցմէ շատեր ցեղասպանութիւն եզրի օգտագործումը դատապարտող պաստառներ բարձրացուցած էին։

Մինչ ան կը խօսեր, արտաքին գործոց փոխնախարար Լին Ելիչ կը գլխաւորէր Թուրքիա մեկնած գանատական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Royal Newfoundland Regiment-ի վեթերանները՝ մասնակցելու համար Կալիփոլիի գործողութեան սկիզբի 100-ամեակը նշող ձեռնարկին։

Թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Թուրքիա ընդհանուր կառավարիչ Տէյվիտ Ճոնսթընը հրաւիրեցին, սակայն ան նախընտրեց Շաբաթ օր Օթթաուայի մէջ Գանատական պատերազմի թանգարանին մէջ Կալիփոլիի ճակատամարտին նուիրուած ձեռնարկին մասնակցիլ։

«Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ բարձրաստիճան գանատական պատուիրակութիւնը պիտի գտնուի Հայաստանի մէջ։

«Գանատայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սելճուք Ունալ չմեկնաբանեց երկրորդ մակարդակի նախարար մը Թուրքիա ուղարկելու Գանատայի որոշումը։ Սակայն նշեց, թէ ի տարբերութիւն Հայաստանի, Թուրքիա Գանատայի կողքին կը կռուի ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.