Հայ զինուորը առանձին կռուած է 12 Հոգինոց ատրպէյճանական խումբին դէմ
- (0)

Նռնակի բեկորը խրուած էր անոր բազուկի գրպանին մէջ պահուած Նոր Կտակարանի մէջ
Լրագրող եւ բեմադրիչ Արշակ Զաքարեան իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է. «Ատրպէյճանական բանակը հետախուզական ներթափանցման փորձ կատարած է Ղարաբաղի հջւսիս-արեւելեան սահմանին վրայ: Մառախլապատ գիշերով մօտենալով մեր դիրքապահներուն հակառակորդը կրակ բացած է խրամատին մէջ կանգնած մեր երկու զինուորներուն վրայ։ Գնդակը դպնալով առաջին հայ զինուորի սաղաւարտին զինք ուշաթափած է։ Երկրորդ զինուորը, ինքզինք չկորսնցնելով, իր ծառայակիցին քաշած, հանած է թշնամիի կրակի տակէն եւ իր մարմինով զինք պաշտպանած մինակը կռուի բռնուելով 12 հոգինոց ատրպէյճանական հրոսակախումբի հետ։
«Թշնամիի մէկ այլ խումբ, որ դիրքաւորուած եղած է մօտակայ բլուրին ետեւը, ականանետերով սկսած է խոչընդոտել իրենց ընկերներուն օգնութեան շտապող մօտակայ խրամատի հայ զինուորներուն։ Կամօ Յովսեփեան մինակը շարունակած է կռուիլ թշնամիի հետ եւ անոնցմէ մէկը նռնակով զգետնելէ ետք ստիպած է նահանջել իրենց դիրքերը։
«Մարտէն ետք ի յայտ եկած է, որ գնդակը խրուած է ընկերոջ սաղաւարտի մէջ՝ առանց գլխուն վնասելու՝ պարզապէս ինքնաձիգի գնդակի հարուածէն ընկերը ուշաթափ եղած է։ Ինքը՝ Կամոն, ձեռքէն վիրաւորուած է նռնակի բեկորէ, իսկ երկրորդ բեկորը խրուած է անոր բազուկի գրպանին մէջ պահուած Նոր Կտակարանի մէջ։ Կամոն պիտի ստանայ Մարտական Խաչ շքանշան»։