Պուլկարիա Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Պուլկարիոյ խորհրդարանը 157 թեր եւ 36 դէմ քուէներով որդեգրեց բանաձեւ մը` նշելով, որ Պուլկարիան «կը ճանչնայ 1915-1922 տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին ենթարկուած ցեղասպանութիւնը», ինչպէս նաեւ Ապրիլ 24-ը նշանակեց հայերու «զոհերու յիշատակի յարգման օր»:

Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքու Փորիսով խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Պէտք է ճանչնալ ցեղասպանութիւնը», որուն ենթարկուեցան հայերը` յոյս յայտնելով, որ «թրքական պետութիւնը նկատի ունենայ օսմանեան իշխանութեան եւ արդի Թուրքիոյ միջեւ մեր կատարած տարբերակումը»:

«Պատմութիւնը պատմութիւն է եւ զոհերը` զոհեր, իսկ այդ օրը (Ապրիլ 24-ին) պէտք է յարգուի անոնց յիշատակը», ըսաւ Պորիսով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.