Վըրմանթի Խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Վաւերացուցած Է


Տանա Ուալրաթ եւ Քրիս Պոհճալեան

ՄՈՆՓԵԼԻԷ, Վըրմանթ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Մարտ 31ին, Վըրմանթի նահանգային խորհրդարանը վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը:
Նահանգային խորհրդարանի նշեալ նիստին մասնակցած եւ անոր ընթացքին ելոյթներ ունեցած են գրողներ Քրիս Պոհճալեան եւ Տանա Ուալրաթ:
Նշենք, որ Վըրմանթի նահանգապետ Ճէյմզ Տակլըս 2004ին Ապրիլ 24ը հռչակած էր Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի օր, համապատասխան յայտարարութեամբ։
Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 42ը պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.