Ցեղասպանութիւնը Հաստատող Մահճուպեանի Խօսքը Կը Քննադատուի


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Վաթան» կուսակցութեան փոխկուսակցապետ ու հանգստեան կոչուած զօրավար Իսմայիլ Փեքին Հաքքը հակազդած է վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի աւագ խորհրդական Էթիէն Մահճուպեանի խօսքերուն, մասնաւորաբար կանգ առնելով «1915ի դէպքեր»ուն մասին անոր օգտագործած «ցեղասպանութիւն» բառին վրայ։ Ան յիշեցուցած է Յունուար 28ին, Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու ատեանին մօտ կատարուած դատավարութիւնը եւ ըսած է, որ 1915ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չեն եւ «ասիկա յստակ կերպով ըսուած է Փերինչեքի մասին ընդունուած վճիռին մէջ»։
«Մահճուպեանին ըսելովը չէ, որ 1915ը ցեղասպանութիւն պիտի ըլլայ. ցեղասպանութիւնը ընդունելու համար պայման է, որ տեղական դատարան մը կամ միջազգային դատարան մը որոշում ընդունի։ Խորհրդարաններու ընդունած որոշումները քաղաքական են, իրաւական չեն։ Հակառակ ասոր, երբ կը մօտենայ 24 Ապրիլը, շատ մեծ յարձակում մը կայ Թուրքիոյ վրայ», ըսած է ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.