Տէր եւ Տիկին Յարութ եւ Վիգի Մարաշլեաններ $50,000 կը նուիրեն Հայ Օգնութեան Միութեան


Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը երախտագիտութեամբ կը յայտարարէ, թէ ԱՄՆ Գալիֆորնիա նահանգէն՝ Տէր եւ Տիկին Յարութ եւ Վիգի Մարաշլեանները $50,000ԱՄՆ կը նուիրեն Հայ Օգնութեան Միութեան:

Բարերարներուն փափաքով, գումարը հաւասարապէս պիտի յատկացուի երկու նպատակներու՝ Ստեփանակերտի ՀՕՄի «Սօսէ» Մանկապարտէզի վերանորոգման նոր ծրագրի աշխատանքներուն եւ Կեդրոնական գրասենեակի ընթացիկ ծախսերուն, ներառեալ Նիւ Եորքի մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ Հայկական Ձեռագործներու ցուցահանդէսը: Այս պատմական առիթով, բարերար եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի՝ Վիգի Մարաշլեան ըսաւ.-

«Հարիւրհինգամեայ Հայ Օգնութեան Միութեան կատարած դերը հայ ժողովուրդի վերջին տասնամեակի պատմութեան ընթացքին ծանօթ է բոլորի՛ն: Այսօր եւս, Միութիւնը կը շարունակէ իր մարդասիրական եւ հայրենասիրական գործունէութիւնը համայն հայ իրականութեան մէջ: Նկատի ունենալով, «Սօսէ» մանկապարտէզներուն կատարած հիմնական դերը որպէս գալիք սերունդներու կրթական պահանջները գոհացնող ծրագիր, ան կարիքը ունի բարոյական թէ՛ նիւթական ներդրումներու: Այս իրականութեան ի դիմաց, սոյն գումարը պիտի յատկացուի այս եւ նման ծրագիրներու հիմնական պահանջներուն»:

Առ ի շնորհակալութիւն Մարաշլեաններու առատաձեռն նուիրատուութեան, Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով, այսուհետեւ ՀՕՄ-ի Պոսթոնի Կեդրոնական գրասենեակի ժողովասրահը պիտի կրէ «Տէր եւ Տիկին Յարութ եւ Վիգի Մարաշլեան» մակդիրը:

Հարիւրհինգամեայ ՀՕՄ-ի ազգանպաստ գործունէութիւնը, սփիւռքեան թէ հայրենի տարածքներէն ներս, կարելի պիտի չըլլար իրականացնել առանց բարերարներու եւ անհամար համակիրներու նուիրատուութիւններուն: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.