Վիրաւորուած Սամուէլ Յակոբեանը Նահատակի Պսակին Արժանացաւ


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 26 Մարտին՝ ժամը 09:40ի սահմաններու մէջ, Ստեփանակերտի կեդրոնական զինուորական համալսարանին մէջ մահացած է 19 Մարտին հակառակորդի յատուկ նշանակութեան խումբին դիմակայելու ժամանակ ծանրօրէն վիրաւորուած պաշտպանութեան բանակի զինուոր, 1995ի ծնունդ Սամուէլ Սասունի Յակոբեանը:

Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ ծանր կորստեան վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնում մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին»:

«Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հիւանդանոցի տնօրէն Արամ Ասատուրեան՝ խօսելով վիրաւոր միւս զինուորներուն մասին, յայտնած է, որ տղոց վիճակը միջին ծանրութեան է: «Երկուսն էլ հիմա գտնւում են յետուիրահատական շրջանում: Կարող եմ ասել՝ դէպի լաւն են գնում», նշած է ան։

Ասատուրեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Մարտակերտի հիւանդանոցը գտնուող վիրաւոր զինուորին վիճակը կը շարունակէ մնալ նոյնը՝ ծայրայեղ ծանր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.