Ցնցումներ Թուրքիոյ Ներքաղաքական Կեանքին Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչի եւ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ վերջին քանի մը օրերուն ծագած հակամարտութիւնը ցնցած է Թուրքիոյ ներքաղաքական կեանքը:
Արընչի ու Էրտողանի միջեւ յառաջացած հակասութիւնները կը վերաբերին քրտական հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին:
Անցած շաբաթավերջին, Էրտողան ընդդիմացած էր գործընթացին հետ կապուած դիտորդական յանձնաժողով ստեղծելու կառավարութեան առաջարկին, որուն պատասխանելով՝ փոխվարչապետը խիստ քննադատութիւններ կատարած էր Էրտողանի հասցէին, յիշեցնելով, որ նախագահը պէտք չէ միջամուխ ըլլայ կառավարութեան գործերուն:
Արընչ ըսած էր. «Կառավարութիւնը յանձնաժողովին ստեղծումը յարմար գտած է: Էրտողանի յայտարարութիւնը տեղին չեմ համարեր»:
Էրտողան-Արընչ հակամարտութիւնները լայնօրէն կը քննարկուին քաղաքական քուլիսներուն մէջ, եւ Էրտողանի մօտիկ զանազան պաշտօնատարներ հանդէս եկած են Արընչը քննադատող յայտարարութիւններով եւ նոյնիսկ՝ պահանջելով անոր հրաժարականը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.