Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցապետ. «Մայրս կրնայ ըլլայ հայ է»
Թուրքիոյ ընդդիմադիր քեմալիստական Հանրապետական կուսակցութեան (CHP) ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուն դէպի Ատանա իր ուղեւուրութեան ընթացքին, օդանաւին մէջ հարցազրոյց տուած է թրքական «Milliyet» պարբերականի թղթակից Մեհուէշ Էւինին:
Ըստ Ermenihaber կայքէջին` ընդդիմադիր կուսակցապետը հետաքրքրական յայտարարութիւն մը ըրած է հարցազրոյցի ընթւացքին: Լրագրող Մեհուէշ Էւին յիշեցուցած է անցեալ տարի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի Քըլըճտարօղլուին ուղղուած այն մեղադրանքները, թէ անոր «մայրը հայ է»:
Ի պատասխան` Քըլըճտարօղլուն ըսած է. «Ինչ կ’ուզեն` կրնան խօսիլ: Ինչեր ըսէք, որ չեն ըսեր` սկսած անկէ, թէ մայրս հայ է… Ճիշդը ըսեմ` ընտանիքիս ինքնութիւնը փորփրելը դէմ է մարդու իրաւունքներուն: Մայրս կրնայ հայ ըլլալ, յետոյ ի՞նչ: Ես մօրս կը սիրեմ, Աստուած անոր հոգին լուսաւորէ»: