«Կ՛առերեսուինք 100 Տարուան Ցաւին Հետ» Գիտաժողովը՝ Այնթապի Մէջ
- (0)
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, Շաբաթ, Մարտ 21ին, Այնթապի մէջ պիտի կայանայ «Կ՛առերեսուինք 100 Տարուան Ցաւին Հետ» խորագիրով գիտաժողով մը:
Ըստ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» լրատուական կայքին՝ «Կանաչներ» կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած միջոցառումը ներկայացուած է իբրեւ հանրութեան համար բաց քննարկում՝ Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթով: Գլխաւոր հարցադրումը պիտի ըլլայ հետեւեալը. «Ին՞չ եղաւ Այնթապի մշակութային բազմազանութեան»:
Բանախօսի կարգավիճակով միջոցառման ընթացքին ելոյթներով հանդէս պիտի գան «Կանաչներ» կուսակցութեան խօսնակ Սեւիլ Թուրքան, Ամերիկա հաստատուած եւ ծնունդով լիբանանցի մտաւորական Խաչիկ Մուրատեան, խմբագիր եւ թարգմանիչ Աթիլլա Թոյքան եւ թարգմանիչ Մուրատ Ուչաներ:
«Կանաչներ» կուսակցութեան Այնթապի կառոյցի պատասխանատու Ճելալ Տենիզ ըսած է, որ Թուրքիա բազմաթիւ պատմական իրադարձութիւններու հետ առերեսուելու կարիքն ունի, իսկ անոնցէ գլխաւորը՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնն է:
