«Ցեղասպանութիւն» Բառը Իրարանցում Յառաջացուցած Է Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ
- (0)
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, Մարտ 18ին տեղի ունեցած է յատուկ նիստ մը՝ նուիրուած Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակին: Ըստ թրքական «Միլլիյէթ» թերթին՝ նիստին ընթացքին հնչած «ցեղասպանութիւն» բառը իրարանցում յառաջացուցած է պատգամաւորներուն մօտ:
Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) անունով ելոյթ ունեցած պատգամաւոր Լեւենթ Թուզել, իր խօսքին մէջ հայերուն նկատմամբ կատարուածը բնորոշած է իբրեւ «ցեղասպանութիւն»:
Թուզել ըսած է. «Մեր հայ քաղաքացիները՝ անատոլիացիները, լաւ էին, երբ կը պատերազմէին այնտեղ (Կալիփոլի): Բայց միւս կողմէ, նոյն ժամանակին, Պոլսոյ մէջ Բարձր Դուռը, Սուլթանահմետի մէջ, հայ մտաւորականներ կ՛աքսորէր: Եթէ մենք բոլորս հպարտութեամբ կը պարծենանք «Կալիփոլին անանցանելի է» կարգախօսով եւ տէր կը կանգնինք այդ կարգախօսը իրենց արեամբ գրած մարդոց ժառանգութեան, ապա պէտք է նաեւ անդրադառնանք հայերու՝ մարտի դաշտին վրայ կռուելու, աքսորուելու ու Ցեղասպանութեան զոհ դառնալու փաստին եւ այն քաղաքականութեան, որ Հրանդի (Տինք) նման մտաւորականի մը սպանութիւնը կարելի դարձուցած է մե՛ր քաղաքականութիւնը»:
«Լեւենթ Թուզելի այս արտայայտութիւնը խաթարած է խորհրդարանին մէջ տիրող յաղթական մթնոլորտը եւ Թուզելի ելոյթը ծափահարելով ողջունած է միայն անոր կուսակից Իտրիս Պալուքենը», գրած է «Միլլիյէ»չ:
Թուզելէն ետք ելոյթ ունեցած շարք մը այլ պատգամաւորներ, ներառեալ՝ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (MHP) երեսփոխանական խմբակի ղեկավար Եուսուֆ Հալաճօղլու եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգավաճում կուսակցութեան (AKP) ներկայացուցիչ Նաճի Պողթանճը քննադատած են Թուզելին՝ «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելուն եւ իրենց բնորոշմամբ՝ «ռուսերու հետ համագործակցելով ապստամբութիւններ կազմակերպող» հայերու ի նպաստ խօսելուն համար:
