Փաստեր՝ Թուրքիա-«Իսլամական Պետութիւն» Կապերուն Մասին


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Սուրիոյ Ռաս Ուլ Այն քաղաքի քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերու կանանց զօրաջոկատի կին հրամանատար Չիչեք Խեմկին ուշագրաւ ապացոյցներ ներկայացուցած է Թուրքիոյ եւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերուն մասին:
Ըստ թրքական «Սոլհապեր» լրատուական կայքին՝ քիւրտ հրամանատարը նշած է, թէ նշեալ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մարտերուն ընթացքին վիրաւորուած «Իսլամական պետութեան» զինեալները տեղափոխուած են մօտակայ թրքական ոստիկանտունը:
«Թուրքիոյ տարածքը օգտագործելով՝ յարձակումի սկսան: Մեր զինակիցները նկարահանած են, թէ ինչպէ՛ս զինեալները Թուրքիոյ տարածքէն կը յարձակին: Լուսանկարները ունինք», ըսած է ան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.