Քրտական կուսակցութիւնը պիտի առաջադրէ Կարօ Փայլանի թեկնածութիւնը Թուրքիոյ ընտրութիւններուն


Քրտական Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (ԺԴԿ)  մեծամասնական ընտրակարգով Թուրքիոյ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի նաև քրտական կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր խորհուրդի անդամ Կարօ Փայլանը։ Այս մասին թրքական «Ռատիքալ» թերթը  յայտնած է կուսակցութեան աղբիւրը։

Ըստ թերթին, ԺԴԿ-ն հայկական համայնքը ներկայացնող Փայլանին պիտի առաջադրէ Սթանպուլի մէջ։ կը  Նշուի, որ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշի թեկնածութիւնը նոյնպէս պիտի առաջադրուի Սթանպուլի մէջ։

Յիշեցնենք, որ բացի Փայլանէն, ԺԴԿ-ի ցուցակով Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովի ընտրութիւններուն համար պայքարելու դիմում ներկայացուցած են հայկական ծագումով 6 թեկնածուներ՝ Մուրատ Մըհչըն, Ֆիլոր Ուլուքը, Տիրթն Ջևահիր Շէնը, Ֆիքրի Չալըշի, Նուարդ Պաքըրճօղլուն և Զաքարիա Սապունճուն։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.