Նախագահը ընդունած է Սահմանադրական բարեփոխումներու Հ.Յ.Դ.ի առաջարկած գրեթէ բոլոր կէտերը


Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան ծա­ռա­յու­թե­նէն յայտ­նած են, որ նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն շուրջ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու, ո­րոնց շար­քին ` Հ.Յ.Դ.ի հետ:

Մարտ 12ին տրո­ւած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին, լրագ­րող­նե­րը Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Ար­ծո­ւիկ Մի­նա­սեա­նէն հե­տաքրք­րո­ւած են, թէ ի՞նչ քննար­կո­ւած է նա­խա­գա­հին հետ այդ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին:

Ա. Մի­նա­սեան պա­տաս­խա­նած է.- «­Մենք հրա­պա­րա­կած ենք հա­յե­ցա­կար­գի վե­րա­բե­րեալ մեր ա­ռա­ջարկ­նե­րը: Մին­չեւ այդ հա­յե­ցա­կար­գը նա­խա­գա­հին կող­մէ ըն­դու­նո­ւի­լը, անհ­րա­ժեշտ էր, որ մեր տե­սա­կէտ­նե­րը քննար­կո­ւէին նա­խա­գա­հին հետ: Այս պա­հու դրու­թեամբ ար­ձա­նագ­րենք, որ գրե­թէ բո­լոր կէ­տե­րուն շուրջ կայ փո­խա­դարձ ըն­կա­լում եւ մեր ա­ռա­ջարկ­նե­րը գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ ի­րա­գործ­ման են­թա­կայ են: Ճամ­բու քար­տէ­սը եւ ժամ­կէտ­նե­րը բո­լոր կէ­տե­րով տա­կա­ւին քննարկ­ման փու­լի մէջ են:

Այն մա­սով, որ այս­տեղ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կայ, լիա­կա­տար հա­մա­ձայ­նու­թիւն է։ Երկ­րորդ` շեշ­տադ­րում­նե­րը, տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան, մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու, տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու եւ դա­տա­կան հա­մա­կար­գե­րու, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու թե­ւե­րու հա­ւա­սա­րակշռ­ման եւ փո­խա­դարձ զսպում­նե­րու մար­զե­րու, իշ­խա­նու­թիւն-ընդ­դի­մու­թիւն միաս­նա­կան քա­ղա­քա­կան հա­մա­կարգ ու­նե­նա­լու հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ, մե­ծա­մաս­նու­թեամբ կը հա­մընկ­նին մեր մօ­տե­ցում­նե­րուն: Ո­րո­շա­կի խմբագ­րում­նե­րը մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բը պի­տի ը­նէ: Կա­խո­ւած ան­կէ, թէ միւս քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն տե­սա­կէտ­նե­րը ինչ­պի­սի՛ն պի­տի ըլ­լան, եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին ար­ձա­գան­գը ինչ­պէ՞ս պի­տի ըլ­լայ: Ար­դէն ատ­կէ ետք պարզ կ­՛ըլ­լան թէ՛ ժամ­կետ­նե­րը, թէ՛ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու բուն բո­վան­դա­կու­թեան մշակ­ման յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւ­նը»:

Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, թէ նա­խա­գա­հին հետ ո՞ր կէ­տին շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թիւն չեն գո­յա­ցու­ցած, Ար­ծո­ւիկ Մի­նա­սեան ը­սած է.- «­Չեմ ը­սեր, ո­րով­հե­տեւ քննար­կում­նե­րը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կո­ւին: ժա­մա­նա­կէն ա­ռաջ զա­նոնք հրա­պա­րա­կե­լը չեմ կար­ծեր, որ ճիշդ, ար­դիւ­նա­ւէտ է: Մենք կը շա­րու­նա­կենք քա­ղա­քա­կան քննար­կում­նե­րը, նա­խա­գա­հը կը շա­րու­նա­կէ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը այլ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու հետ: Երբ մենք կ­’ու­նե­նանք լիար­ժէք պատ­կեր, ա­տոր մա­սին յստակ կը խօ­սինք բո­լոր կէ­տե­րուն վե­րա­բե­րեալ»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.