Գանատայի պետական ռատիոկայանը ոգեկոչեց հայոց ցեղասպանութիւնը


 

«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՆԿԱՐԵԼԻ ԱՊԱՔԻՆՈՒՄԸ» 

 

Կիրակի, 5 ապրիլին, Գանատայի պետական ռատիոկայանի ֆրանսական բաժնի առաջին ալիքէն՝ 95.1 FM, կ.ա. ժամը 11-էն սկսեալ, վերոյիշեալ բնաբանով ոգեկոչուեցաւ Մեծ եղեռնի հարիւրամեակը Désautels le dimanche յայտագրի վրայ՝ երեք քառորդ ժամեայ հաղորդումով մը, որու ընթացքին կայանի թղթակից Աքլի ԱիտԱպտալլա նախ տեսակցութիւններ ունեցաւ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնը իրենց շաբաթական հաւաքին եկած տարեցներու հետ, պեղելով անոնց յիշողութիւնը՝ յատկապէս իրենց վերապրած ծնողներու սահմռկիչ պատումներուն մասին, ապա անցնելով Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ Սարաֆեան նախակրթարան ու Բաստրմաճեան երկրորդական վարժարան՝ զրուցելով աշակերտներուն հետ (որոնք պատմեցին իրենց տուներուն մէջ պահուող վերապրած առարկաներուն մասին, առարկաներ, որոնք առցանց թանգարանի ծրագրին մաս պիտի կազմեն), նաեւ հայերէնի ուսուցիչ Մհեր Գարագաշեանի եւ տնօրէնուհի Լենա Գատեանի հետ։ Տեսակցութիւն մը հաղորդուեցաւ Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Գառնիկ աւ. քհ. Գոյունեանի հետ, որ խօսեցաւ ներումի անկարելիութեան մասին՝ առանց զղջումի արարքին, որմէ ետք թղթակիցը երկար զրուցեց հրաւիրեալ երկու վերլուծաբաններու հետ՝ թուրք մտաւորական Ճէնկիզ Ախթարի ու Le Monde-ի աշխատակից՝ ֆրանսաբնակ Կայծ Մինասեանի, որոնք անդրադարձան ներկայ իրավիճակին ու պատմական անցուցադարձերուն։ Մինասեան յատկապէս բաղդատականը ըրաւ այսօր Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր կատարուող բարբարոսութիւններուն ու հայոց կրած ու անպատիժ մնացած ցեղասպանական ոճիրներուն, ԺԹ. դարէն ի վեր, որոնք աշխարհի անտարբերութեան ի հետեւանք մնացին անպատիժ ու ահա կը շարունակուին մինչեւ ԻԱ. դար։

Յայտագիրը աւարտեցաւ Լուսնակի կողմէ երգի մը կատարողութեամբ։

Կարելի է ունկնդրել ու կարդալ այս մասին յայտագրի կայքին վրայ՝ http://ici.radio-canada.ca/emissions/desautels_le_dimanche/2014-2015/, որոնելով le génocide arménien, ուր կարելի է գտնել նաեւ բազմաթիւ յարակից նիւթեր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.