Տէր Զօրէն բերուած մասունքներ պիտի ամփոփուին Ստեփանակերտի ցեղասպանութեան յուշարձանին մէջ


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները միայն Ապրիլ 24-ին յիշատակելով պիտի չսահմանափակուի: Գիտաժողովներ, մշակութային և քաղաքական հանդիպումներ կը նախատեսուին ամբողջ տարուայ ընթացքին։ ԼՂՀ նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ ապրիլի կէսերուն Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձան-զանգակատան բացման արարողութիւնը:

 Բաբայեան յայտնեց, որ զանգակատան հիմքին մէջ պիտի թաղուին Տէր Զօրէն բերուած մասունքները, որոնք պիտի տրամադրուին Հայոց ցեղասպանութեան Երեւանի թանգարանին կողմէ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.