Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան հանդիպում


Մարտ 25-ին, Գանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան 15 խորհրդարանի անդամներ եւ մէկ ծերակուտական։ Հանդիպումը կազմակերպուած էր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։ Հաւաքին ներկայ էր նաեւ Գանատայի մօտ հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեան։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Գանատայի մէջ յառաջիկայ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի տագնապի ծիրէն ներս սուրիահայերու եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու հարցը։

Հանդիպման աւարտին, խմբակցութեան անդամները Հարըլտ Ալպրէխթը վերընտրեցին նախագահ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.