Հայկական Հաւաքականին Սպառնացողներ Ձերբակալուած Են Ատրպէյճանի Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ատրպէյճանական այսպէս կոչուած «Ղարաբաղի ազատագրման կազմակերպութեան» երկու գործիչներ՝ Զուլֆիւհար Իպրահիմով ու Վիւղար Ալիեւ, ձերբակալուած են Տերտեր քաղաքին մէջ։ Լուրը «Ենի Մուսաւաթ» թերթին հաղորդած է կազմակերպութեան նախագահ Աքիֆ Նաղին:
Ձերբակալուածներու բնակարաններէն յայտնաբերուած են զէնք եւ զինամթերք: Ձերբակալութիւնը իրականացուցած են Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան կազմակերպած Յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան աշխատակիցները:
Յիշեցնենք, որ Նաղին բազմիցս հանդէս եկած է հայերու ուղղուած սպառնալիքներով: Մասնաւորապէս, ան վերջերս յայտարարած էր, թէ իր կազմակերպութիւնը պիտի չարտօնէ, որ հայկական հաւաքականը մասնակցի Պաքուի մէջ կայանալիք Եւրոպական խաղերուն:
Նշեալ կազմակերպութիւնը յայտնի է տարբեր առիթներով Ատրպէյճան այցելած հայ պատուիրակներու եւ մարզիկներու դէմ ուղղած իր սադրանքներով: Օրինակ՝ 2014ի Յունիսին, կազմակերպութեան անդամները Պաքուի մէջ բողոքի ցոյց կատարած էին ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի մնայուն յանձնաժողովի ժողովին դէմ, որովհետեւ անոր կը մասնակցէին հայ պատգամաւորներ: Նոյն տարուան Մարտին, կազմակերպութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր՝ սպառնալով Պաքուէն վտարել ԱՊՀ անդամ երկիրներու սպայակոյտներու պետերու նստաշրջանին մասնակցող Հայաստանի ներկայացուցիչը, իսկ 2011ին, կազմակերպութեան անդամները, ներխուժելով Հայտար Ալիեւի անուան մարզահամալիր՝ սկսած էին քարկոծելու հայ մարզիկները, որոնք կը մասնակցէին Պաքուի մէջ կայացող բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանութեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.