Թրքական «Թալէաթ Փաշա» կոմիտէն ոգեկոչած է Թալաթի յիշատակը


Տողու Փէրինչէքի գլխաւորած «Թալէաթ Փաշա» կոմիտէն Մարտ 15-ին, Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ ոգեկոչած է Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր դերակատարին մահուան 94-ամեակը։ Կոմիտէի նախագահ զօր. Հաքքը Փէքին ողբացած է «մեծ յեղափոխականի, ազատատենչութեան հերոսի մը» կորուստը։ «ֆէտայիներն են, որ միշտ կը վճարեն գինը։ Ան վճարեց այդ գինը իր կեանքի իմաստը հանդիսացող դատին համար» յայտարարած է ան։ «Թալէաթ Փաշա» յանձնախումբի անդամներէն Ճիւնէյթ Աքալըն ալ խոստացած է շարունակել Թալէաթ Փաշայի պայքարը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.