Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը մշակէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի բանաձեւ մը


Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենան  տարբեր ձեռնարկներ, որոնք նպատակ ունին ոչ միայն լայն հանրութեան ներկայացնել դար մը առաջ տեղի ունեցած մարդկութեան դէմ կատարուած առաջին յանցագործութեան մասին, այլ նաեւ իրաւական եւ քաղաքական ճամբով պահանջել ճանաչում եւ հատուցում: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան շեշտած է, որ ներկայ  դրութեամբ յանձնախումբը Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններուն հետ կը մշակէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած բանաձեւ, որ մինչեւ 24 ապրիլ պէտք է դրուի քուէարկութեան:

«Բանաձեւին մանրամասնութիւնները ներկայ դրութեամբ չեմ կրնար հաղորդել, որովհետեւ  աշխատանքը կ՛ընթանայ եւ բովանդակութեան  վերջնական տարբերակը տակաւին չէ մշակուած: Բանաձեւը պիտի դատապարտէ Թուրքիան, դար մը առաջ կատարած Ցեղասպանութեան համար: Մենք նաեւ կը ցանկանք, որ բանաձեւով իրաւական փոխհատուցման պահանջ դրուի: Բանաձեւը կոչ է, որ Թուրքիա ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Տարբեր առաջարկներ կան եւ մենք զանոնք կը քննարկենք` աւելի լաւ տարբերակի հասնելու համար: Հիմնականին մէջ մեծ կուսակցութիւններու հետ կ՛աշխատինք, որպէսզի ունենանք անհրաժեշտ քուէներ եւ բանաձեւը խորհրդարանին մէջ յաջողինք վաւերացնել», ըսած է Գասպար Կարապետեան` աւելցնելով, որ տակաւին 1987 թուականին Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ մը եւ Թուրքիոյ մասին զեկուցումներու մէջ միշտ կ՛արծարծէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:

«Որոշ չափով լաւատես եմ, որ բանաձեւի ընդունումը կը յաջողի: Կայ Հայաստան-Եւրոպական խորհրդարան բարեկամութեան լաւ եւ ամուր խումբ: Խումբին անդամները 57 հոգի են: Սովորաբար Հայաստանի նման փոքր պետութիւններու բարեկամութեան խումբերուն մէջ  առաւելագոյնը տասէն տասնհինգ հոգի ներառուած կ՛ըլլայ: Կը խորհիմ, որ բարեկամութեան խումբին  հետ պիտի կարենանք յաջողցնել մեր ծրագիրները: Օրինակ, վերջերս ազրպէյճանցիներն ալ կազմեցին բարեկամութեան խումբ, բայց կազմը գաղտնի կը պահեն: Խումբին անդամներուն թիւը վստահաբար շատ փոքր է: Բացի ատկէ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ այնքան ալ պատուաբեր չէ Ազրպէյճանի բարեկամը ըլլալը», ըսած է Գասպար Կարապետեան:

Բացի բանաձեւի ընդունումէն, կը նախատեսուի, որ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու պատուիրակութիւնը  ապրիլին այցելէ Հայաստան եւ հայ ժողովուրդին  հետ ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.