Հոլանտի Հովանիին Ներքեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Գիտաժողով


ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հովանիին ներքեւ, Մարտ 25-28ին, Փարիզի մէջ պիտի իրականացուի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ՝ Մեծ պատերազմի տարիներուն (1915-2015). Հետազօտութիւններու 100 տարի» անունը կրող միջազգային գիտաժողով մը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը հետազօտող գիտական միջազգային խորհուրդին կողմէ: Ըստ «Նուվել տ՛Արմէնի»ի՝ կը նախատեսուի, որ գիտաժողովի առաջին օրը՝ Մարտ 25ին, Սորպոնի համալսարանի մեծ սրահին մէջ ելոյթ ունենայ Ֆրանսայի նախագահը:
Ելոյթներ պիտի ունենան նաեւ Փարիզի Ակադեմիոյ տնօրէն Ֆրանսուա Վէյլն ու Ֆրանսայի Ընկերային գիտութիւններու բարձրագոյն դպրոցի ղեկավար Փիեռ Սիրիլ Հոթքէօրը:
Գիտաժողովին բացումը պիտի կատարէ Հայոց Ցեղասպանութեան հետազօտման հարցերով գիտական միջազգային խորհուրդի նախագահ Իվ Թերնոնը: Զեկուցումներով հանդէս պիտի գան շարք մը յայտնի պատմագէտներ, քաղաքագէտներ եւ իրաւաբաններ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.