Թալին Էրկիւնէշ Կազէր՝ թրքական CHP կուսակցութեան թեկնածու
Ս. Յակոբ հիւանդանոցի Հասարակութեան հետ կապերու վարիչ եւ հայ կաթողիկէ համայնքի կառավարիչ Լեւոն Արք. Զէքիեանի արարողակարգի ու հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր դիմում կատարեց թրքական CHP կուսակցութեան մօտ կուսակցապետի իրաւաբաժնի ցանկէն (քոնթէնժան) եւ երեսփոխանական թեկնածուի թեկնածու առաջադրուեցաւ։ Էրկիւնէշ այս նպատակով անցեալ շաբաթ Անգարա մեկնեցաւ եւ յանձնեց իր պաշտօնական դիմումը՝ CHP (հանրապետական) կուսակցութեան ղեկավար խորհուրդին։
Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր շրջանաւարտ եղած է Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնէն եւ Անատոլու համալսարանի զբօսաշրջութեան ու հիւրանոցային վարչագիտութեան ճիւղէն։ Ան ամուսնացած է եւ մայր է զաւկի մը։ Թալին Էրկիւնէշ երկար տարիներ աշխատած է զբօսաշրջութեան մարզէն ներս։ Ան կը տիրապետէ անգլերէն ու իտալերէն լեզուներու։ Ընտրութեան պարագային Թալին Էրկիւնէշ պիտի ըլլար CHP-ի առաջին հայ երեսփոխանը, իսկ Խորհրդարանի՝ առաջին հայ կին երեսփոխանը։