Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտէն նամակ Արամ Ա.Կաթողիկոսին


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.Կաթողիկոս հետեւեալ նամակը ստացաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտէն: Այս մասիկ կը տեղեկացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիմատետրի պաշտօնական էջը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս-Լիբանան

Կ’ուզեմ Ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել, ինծի ուղղած համակրանքի, զօրակցութեան եւ բարեկամութեան Ձեր պատգամին համար, երբ Ֆրանսայի սիրտը հարուած էր ստացած, աննկարագրելիօրէն ահաւոր ու սարսափելի յարձակումի մը հետեւանքով: Այս ատելի արարքին ճամբով պետութեան հեղինակութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնն էր, որ յարձակումի կ’ենթարկուէր: Արդարեւ, ժողովրդավարութիւնը խօսքի, մտածման եւ ստեղծագործութեան ազատութիւնն է. միաժամանակ ժողովրդավարութիւն կը նշանակէ բազմազանութիւն եւ զանազանութիւն:

Ֆրանսան տեղի պիտի չտայ խաւարամտութեան. եւ ես պիտի շարունակեմ Ֆրանսայի անունով դրօշակիրը դառնալ, թէ՛ ազգային եւ թէ միջազգային մակարդակներու վրայ, մեր հիմնական արժէքներուն՝ ազատութեան, հանդուրժողականութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան:

Անգամ մը եւս իմ շնորհակալութիւնս յայտնելով Ձեր զօրակցութեան համար, կը խնդրեմ Ձերդ Սրբութենէն ընդունիլ իմ յարգանքս:

Ֆրանսուա Հոլանտ
Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.