Ուաշինկթընի մէջ տեղադրուած Արմէն Գարոյի կիսանդրիին հեղինակն է գանատահայ քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեան
Գանատահայ քանդակագործ տոքթ. Մկրտիչ Տարագճեանի հեղինակութեամբ պատրաստուեցաւ Արմէն Գարոյի կիսանդրին, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 28 Յունիսին, Ուաշինկթընի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան շէնքին առջեւ, կազմակերպութեամբ Ուաշինկթընի ՀՀ դեսպանութեան եւ ներկայութեամբ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Հայաստանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլսի, պետական հիւրերու եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներու: Քանդակի ճարտարապետն է Արամ Ալաճաճեան
Քանդակը կը ներկայացնէ Գարեգին Փաստրմաճեան պետական գործիչը, որ նաեւ Պանք Օթոմանէն մինչեւ Նեմեսիս գործողութիւնը ղեկավարած Արմէն Գարօ յեղափոխական գործիչն է: Ան նաեւ ԱՄՆ-ի մօտ ծառայած ՀՀ առաջին դեսպանն է եւ դեսպանատան հիմնադիրը:
Այս առթիւ ՀՀ նախագահին կողմէ յատուկ գնահատագիր յանձնուեցաւ գանատահայ քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանին, որ իր կարգին ՀՀ դեսպանատան նուիրեց ամերիկահայ երկու ականաւոր հայորդիներու՝ գեղանկարիչ Արշիլ Կորքիի եւ երաժիշտ Ալան Յովհաննէսի քանդակները։ Նշենք, որ Տոքթ. Տարագճեան հեղինակն է նաեւ Օթթաուայի քաղաքակեդրոնին մէջ գտնուող գանատացի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի քանդակին։