Առաջարկ` Սփիւռքահայութեան «100 Զոհ- Հայաստանի Հանրապետութեան 1 (մէկ) Քաղաքացի»
- (0)

Ուզեցին մէկ հայ թողնել,
Եւ այն էլ… թանգարանում…
Անմահ Սեւակ մէկ նախադասութեան մէջ ամփոփած է ցեղասպանութեան ծրագրի էութիւնը:Թալէաթն այդ նախադասութիւնն ըսա՞ծ է թէ ոչ. երբե՛ք կարեւոր չէ: Ծրագրի գործադրութեան մանրամասնութիւններուն ծանօթանալն ու հետեւանքներու կշռադատումը բաւարար է հասկնալու համար, որ Թալէաթին եւ իր գաղափարակիցներուն համար այդ մէկ հայն ալ վտանգ էր:
Կը ջանամ հետեւիլ 100-րդ տարելիցի բազմազան ծրագիրներուն. յիշատակի եւ պահանջատիրական հանդէսներ, դատական պահանջներ, յուշարձաններ, ցուցահանդէսներ, քայլարշաւներ,ուխտագնացութիւններ, դասախօսութիւններ, սեմինարներ, գիրքերու հրատարակութիւններ,թարգմանութիւններ, ֆիլմեր եւայլն…
Այս բոլորէն անկախ, համոզուած եմ, որ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, արեւմտահայուն ամէնէն դիպուկ եւ վճռական պատասխանը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեանքաղաքացի դառնալը:
Մեր մեծ հայրերն ու մայրերը հայրենիքէն զրկուեցան եւ օտար երկիրներու մէջ մեզի կեանքտուին: Վերադարձի յոյսը եւ կամքը առկայծ պահելով, իրենց ըմբռնած եղանակներով պայքարեցան: Այսօր ունինք անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն, որ լոկ կորիզն է խլուած եւ 100 տարիառաջ դատարկուած Հայաստանին: Այդ հայրենիքը, իր անկախ եւ խլուած բաժիններով հոն է. «կորուսեալ» չէ, ինչպէս ոմանք կը սիրեն ըսել: Մեզի կը մնայ անոր ՏԷՐ ըլլալ:
Եւ ԽՆԴՐԵՄ (քերականական կոպիտ խախտումին համար ներողամիտ եղէք). «Պետականութիւն» եւ «Իշխանութիւն» ըմբռնումները իրարու հետ մի՛ շփոթէք, գոնէ այս անգամ: Այս բոլորէն անդին, եւ ասոնցմէ առաջ, շա՜տ աւելի հիմնական եւ արմատական քայլ մը պէտք է առնել. ՀԱՅԿԱԿԱՆՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ ստանալ: Մենք մեզի եւ թըշնամիին պէտք է ապացուցենք, որ մենք ՏԷՐն ենքՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔին: Խօսքով եւ երգով չէ, յանձնառութեա՛մբ ՏԷՐն ենք:
Պատմական այս քայլը պարտական ենք մեր հայրերուն եւ մեր զաւակներուն: Հայրենիքէն անջատ ապրող մեր զաւակներուն պէտք է փոխանցել հայրենիքի պատկանելութեան հպարտութիւնը: Անոնց մտքին մէջ ստեղծուած հայրենիքի աղօտ գաղափարը առարկայական իրականութեան պէտք է վերածել: Իրողութենէն, պայմաններէն եւ ղեկավարներէն դժգոհանքը սեփականպետութիւնը նսեմացնելու իրաւունք չի տար:
100-րդ տարելիցին մեր կորուստը իւրովի վերականգնենք:1,5 միլիոն նահատակի համար այսպիսի պարզ ծրագիր մը Սփիւռքի բոլո՛ր գաղութներուն մէջ պէտք է կեանքի կոչել եւ հետապնդել:Ի՞նչը ցեղասպանին երեսն ի վեր նետուած աւելի հատու պատասխան կրնայ ըլլալ, քան տարուէ տարի հզօրացող հայկական պետութիւնը, օժտըւած` պետականութեան բոլոր երաշխիքներով:
1,5 միլիոն ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻ աւելցնենք մեր հայրենիքի բնակչութեան թիւին վրայ: Լաւ.գործնական ըլլալու համար, պէտք է առաջարկեմ, որ իւրաքանչիւր 100 նահատակի յիշատակինհամար ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 1 (ՄԷԿ) ՔԱՂԱՔԱՑԻ աւելցնենք: Չյապաղինք:
Մարի Մերտխանեան-Եարալեան