«Մենք Անցած Տարում Կարողացանք Հակառակորդին 6 Անգամ Աւելի Կորուստներ Պատճառել». Ս. Օհանեան
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքի մշակոյթի պալատին մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի զինուած ուժերու բանակային երկրորդ զօրաբանակի 2014 թուականի տարեկան աշխատանքային հաշուետուութիւնը ներկայացուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին:
Նախարարը կանգ առաւ բանակային երկրորդ զօրաբանակի տարեկան ձեռքբերումներուն, ինչպէս նաեւ հայոց բանակին մէջ արձանագրուած յաջողութիւններուն, մարտունակութեան հետագայ բարձրացման, արդիականացման ու հզօրացման, բարեփոխումներու շարունակութեան եւ շարք մը առաջնահերթ խնդիրներու վրայ:
«Բանակային երկրորդ կորպուսի ջանքերով, 2014 թուականին առաջնային գծում ոչ միայն յաջողուել է անառիկ պահել մեր երկրի սահմանները, այլ նաեւ յայտնաբերել եւ վնասազերծել թշնամու դիւերսիոն խումբը: Մենք անցած տարում կարողացանք հակառակորդին 6 անգամ աւելի կորուստներ պատճառել, մեր բանակում էականօրէն նուազեցնել միջանձնային յարաբերութիւնների արդիւնքում տեղի ունեցող սպանութիւնները կամ ինքնասպանութիւնները, արատաւոր միւս երեւոյթները: Նախորդ տարում մենք գտանք մեր արժանաւոր հերոսներին, ներքին եւ համազգային համախմբման համար կայուն հիմքեր ստեղծեցինք: 2015 թուականին մենք առաջնորդուելու ենք «Բարեփոխումներին՝ որակական առաջընթաց» կարգախօսով, գրանցուած յաջողութիւնները զարգացնելու յաւակնոտ ու իրատեսական ծրագրերով», յայտնեց Սէյրան Օհանեան:
Արտաքին սպառնալիքներու չէզոքացման կողքին նախարարը շատ կարեւոր նկատեց նաեւ արատաւոր բարքերը մեր բանակի շարքերէն արմատախիլ ընելու խնդիրը: «Մենք այս տարում էլ մեր բանակի գերակայ խնդիրը համարում ենք Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան ապահովումն արտաքին բոլոր սպառնալիքներից, որի համար մշտապէս պէտք է ունենանք խելամիտ պաշտպանութեան հայեցակարգ», շեշտեց նախարարը:
Հանդիպումին կը մասնակցէին զինուած ուժերու գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետ, զօր. Եուրի Խաչատուրով, բանակային երկրորդ զօրաբաժինի ստորաբաժանումներու հրամանատարները, սպաները, Գեղարքունիքի մարզպետ Ռաֆիկ Գրիգորեան, Գեղարքունիքի մարզի տարածքային զինուորական պատասխանատուներ, Մարտունիի քաղաքապետ Բագրատ Յարութիւնեանը, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած է նաեւ պարգեւատրման արարողութիւն։
Հանդէս գալով հաշուետու զեկուցմամբ՝ Պօղոս Պօղոսեան նշեց. «Բանակային երկրորդ կորպուսի ստորաբաժանումները 2014 թուականին կատարել են մարտական բոլոր առաջադրանքները, համալրուել անհրաժեշտ նոր զինտեխնիկայով եւ տեխնիկական այլ միջոցներով, բացայայտել եւ վնասազերծել թշնամու կողմից ձեռնարկուած դիւերսիոն խումբը, մշակել եւ պաշտպանութեան նախարարութեան հաստատմանը ներկայացրել հակառակորդի ոտնձգութիւնների կանխարգելմանն ուղղուած ծրագիր, բանակ-հասարակութիւն կապի ամրապնդման համար ձեռնարկել տեսանելի եւ արդիւնաւէտ քայլեր»:
Ան հաստատեց, որ 2015 թուականին եւս պիտի շարունակուին իրենց վստահուած սահմաններու պաշտպանունակութեան ամրապնդման, բանակային ստորաբաժանումներու մարտունակութեան բարձրացմանն ուղղուած նախաձեռնութիւնները, աւելի գործօն քայլերու պիտի ձեռնարկուի՝ բանակ-հասարակութիւն կապի ամրապնդման ուղղութեամբ, պիտի նուազին բանակին մէջ տեղ գտած արատաւոր երեւոյթները:
Հանդիպման աւարտին նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Գեղարքունիքի մարզի ղեկավարութեան, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն՝ բանակաշինութեան զարգացման առնչութեամբ իրենց ունեցած գործօն մասնակցութեան, աջակցութեան, հայ զինուորին կողքին կանգնելու եւ զայն քաջալերելու համար: