Հրանդ Տինքի Սպանութեան Տարելիցի Հաւաք՝ Պոլսոյ Մէջ
- (0)
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երկուշաբթի, Յունուար 19ին, Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին նուիրուած հաւաք մը այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ, պահանջելու համար «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետի սպանութեան ծալքերու բացայայտումը:
Հաւաքը պիտի սկսի «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ, կ.ե. ժամը 1։30, այսինքն այն պահուն, երբ տեղի ունեցաւ ոճիրը։
Յիշեցնենք, որ 52ամեայ Հրանդ Տինք սպաննուած էր Յունուար 19, 2007ին:
