Անգարայի հայոց գերեզմանատունը կը թալանուի. հանգոցեալներու ոսկորները դուրս բերուած


«Միւլքիյէ Հապէր» կայքէջը կը հաղորդէ թէ Անգարայի Հայոց Գերեզմանատունը շարունակ կը թալանուի գանձ փնտռողներու կողմէ, գերեզմանատունը ունի անխնամ ու անպաշտպան վիճակ, ոսկորները հոս ու հոն տարածուած են, նոյնիսկ կան մարդիկ, որոնք գերեզմանաքարերուն վրայ փիքնիք կ՚ընեն։

Կայքէջը դիտել կուտայ որ Իսթանօզը Անգարայի մէջ Հայերու բնակավայրերէն մէկն էր։ Սինճանի Ենիքէնթ շրջանի Չիր Հովիտին մէջ Հայերէն մնացած է միայն գերեզմանատուն մը։ Սինճանի քաղաքապետութիւնը միջոց մը այդ գերեզմանատան մաքուր մնացած գերեզմանաքարերը հաւաքեց ու անոնցմով բացօթեայ թանգարան մը կազմեց։ Միջոց մը վերջ ըսուեցաւ որ այդ գերեզմանաքարերը հաւաքեց ու անոնցմով բացօթեայ թանգարան մը կազմեց։ Միջոց մը վերջ ըսուեցաւ որ այդ գերեզմանաքարերը ղրկուած էին Անատոլուի Քաղաքակրթութիւններու Թանգարան։ Քանի մը տարի առաջ ալ գերեզմանատան շուրջ դրուած էր պաշտպանութեան փշաթել։ Միայն թէ հիմա յայտնի կը դառնայ որ այդ պաշտպանութիւնն ալ չէ կատարուած։ Փշաթելերը վար առնուած են, գերեզմանատան մէկ մասը կցուած է հոն բնակողներու տուներուն։ Գերեզմանները թալանուեր են գանձ փնտռողներու կողմէ, ոսկորները հոս ու հոն տարտղնուած են։ Եւ կարծես թէ այս բոլորը չէր բաւեր, ոմանք հիմա շաբաթավերջին փիքնիք կ՚ընեն գերեզմանաքարերուն վրայ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.