Թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Հայ Թեկնածու Մը Կը Փնտռէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (HDP) կը փափաքի

յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ուժեղ հայ թեկնածու մը ներկայացնել. այս մասին հաղորդած է թրքական «Ռոթահապեր» կայքը։
Ըստ կայքին՝ կուսակցութիւնը այդ առաջարկը արդէն իսկ ներկայացուցած է Հրանդ Տինքի կնոջ՝ Ռաքել Տինքին, սակայն վերջինս մեժած է զայն: Կուսակցութիւնը կը քննարկէ նաեւ Տինքի զաւակին՝ Արատ (Արարատ) Տինքի, անունը առաջարկելու կարելիութիւնը։
Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի կայանան այս տարուան Յունիսին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.