Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարը հայ երիտասարդներ պիտի հրաւիրէ Թուրքիա


Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեյա տարելիցին ընդառաջ՝ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը պատրաստութիւններ կը տեսնէ:

 CNNturk կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Օմէր Չելիքը յայտարարած է, որ հայ երիտասարդներ Թուրքիա հիւրընկալելու վերաբերեալ ծրագրի մը վրայ  կ՚աշխատին: Նպատակը՝ հայ երիտասարդներուն պատմութեան ծալքերը «լուսաբանել» է։

 «Մեզի համար ամենէն կարևորը, խորհրդարաններու կողմէ որոշումներու կայացումէն աւելի, աշխարհի հանրութեան ճիշդ տեղեկութիւններ փոխանցելն է, որ դէպքերուն նային մեր աչքերով»,- յայտնած է Չելիք:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.