Արամ Հայկազի «Չորս Տարի Քիւրտիստանի Լեռներուն Մէջ» գիրքը՝ անգլերէնով
- (0)

1915-ին Արամ Հայկազ (1900-1986), ծնեալ Արամ Չեքենեան, իր մայրն ու քոյրերը օսմանցի թուրքերու կողմէ հայերու դէմ հալածանքին զոհերէն դարձան, բռնի կերպով իրենց տունէն քալեցին սուրիական անապատին մէջ։ Սովահար եւ ընչազուրկ, անոնք հասան գիւղ մը, ուր այլ հայերու հանդիպեցան, իսլամութիւնը ընդունելէ ետք՝ աշխատեցան թուրքերու տուներուն մէջ։ Ընդառաջելով իր մօր խնդրանքներուն՝ փոքրիկն Հայկազ կամաւոր կերպով հաւատափոխ դարձաւ։ Յաջորդող չորս տարիներուն ընթացքին ապրեցաւ քրտական ցեղախումբերուն մօտ, արածելով ոչխարները, հաւաքելով բերքը, կերակրելով հաւերը։ Քիւրտ ընտանիքներուն անմիջական հարեւանութեամբ ապրելով՝ ան սորվեցաւ անոնց սովորութիւնները գաղտնիքները, եւ խորամանկութեամբ, խոցելի կէտերը։ Չորս տարի ետք ան յաջողեցաւ դուրս գալ փոքր Ասիայէն:
21 տարեկանին Ամերիկա գաղթելէ ետք՝ ան սկսաւ գրել եւ հրապարակել իր յուշերը ջարդերուն մասին, որոնց զոհերէն եղան իր հայրն ու եղբայրները, եւ իր փորձառութիւնները գրի առաւ կարճ պատմութիւններու մէջ, որոնք լոյս տեսան The Armenian Review-ի մէջ։ Ան անոնցմէ մէկ քանին ներառեց յուշագրութեան մը մէջ, որ հրատարակուեցաւ հայերէնով 1972-ին, եւ այժմ իր աղջկան՝ Այրիս Չեքէնեանի կողմէ ամփոփուած ու խմբագրուած է եւ թարգմանուած անգլերէնի։