ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը բաճկոններ նուիրեց սուրիահայ աշակերտներու
- (0)

Ս. Օ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան՝ երկրորդ անգամ ըլլալով Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին, կարիքաւոր փոքրիկներուն Ամանորի նուէրներ ուղարկելու համար:
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի $8,800 օժանդակութիւնը յատկացուեցաւ Հալէպի Ազգային չորս վարժարաններուն եւ մանկապարտէզին, ինչպէս նաեւ Համայնքային երեք մանկապարտէզներու աշակերտութեան, Ս.Օ. Խաչի աշխատանոցէն ներս բաճկոններ պատրաստելով՝ 885 աշակերտի եւ Ազգ. Պատսպարանի սաներուն:
