«Կոմիտաս» հիմնարկի կազմակերպութեամբ, 2015-ին Տիգրանակերտի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում


Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին

«Կոմիտաս» հիմնարկը կը հաղորդէ, որ Թրքական մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան աջակցութեամբ 22-24 Ապրիլ 2015-ին Տիգրանակերտի մէջ պիտի կազմակերպէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներ։

Տիգրանակերտը նկատի առնուած է, որովհետեւ Տիարպեքիրի նահանգը Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան գլխաւոր թատերաբեմերէն մէկն էր։ Անոր կառավարիչ Ռաշիտ Պէյը 1915-ին մեծ դերակատարութիւն ունեցած է ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ։

«Կոմիտաս» հիմնարկը կը գրէ, որ այսօր Տիգրանակերտ բնակող մարդիկ կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կ՚ուզեն կացութիւնը շտկել։ Քաղաքի համաքաղաքապետերը եւ թրքական խորհրդարանին մէջ շրջանի ներկայացուցիչները յստակ կերպով կը խօսին հայկական հարցին մասին։ Տիգրանակերտ քաղաքը արդէն իսկ աջակցած է Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերակառուցման, որ աշխարհի մէջ մեծագոյն հայկական եկեղեցիներէն մէկն է։ Անցեալ տարի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ընթացքին հայերուն զօրակցեցան տեղացի քաղաքացիներ։ Անոնց շարքին էին ականաւոր քաղաքագէտներ, փաստաբաններ, մարդկային իրաւանց գործիչներ եւ ուրիշներ։

«Կոմիտաս» կը նշէ, որ յառաջիկայ Ապրիլին Տիգրանակերտի մէջ հայկական մեծաթիւ ներկայութիւն մը բարոյական ու քաղաքական մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ եւ ամրապնդէ հայ-քրտական համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէր ուղղէ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին։

«Կոմիտաս» Հիմնարկը կը յայտնէ, որ 1990ական թուականներէն ի վեր կը գործէ Թուրքիոյ մէջ։ Թուրքիոյ պետական շրջանակի մտաւորականներու ուրացման դէմ դնելու կողքին՝ հիմնարկը նաեւ կամուրջներ հաստատած է թրքական քաղաքացիական հասարակութեան հետ եւ ձգտած է առկախ հարցերու արդար լուծման։ Հիմնարկը նախապէս եւս յաջող կերպով կազմակերպած է Տիգրանակերտի մէջ ձեռնարկներ, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում, եւ յառաջիկայ տարուան ոգեկոչումը հիմնուած է նախորդ տարիներուն արձանագրուած յաջողութիւններուն վրայ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.