Վատիկան Կը Ցանկանայ Գրիգոր Նարեկացին Եկեղեցական Դոկտորի Կոչման Արժանացնել


Գրիգոր Նարեկացի, գործ՝ Արշակ Ֆէթֆաճեանի

Վատիկանի մէջ կ՛աւարտի Սուրբերու միաբանութեան ժողովը, որուն ժամանակ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկուած են Հռոմի պապի յայտարարութեան համար, որով ան պիտի յայտնէ, թէ ով պիտի ստանայ եկեղեցական դոկտորի կոչում: Այս մասին կը գրէ Panorama.am-ը՝ վկայակոչելով infocatolica.com կայքը:

Այդ կոչումը կը տրուի վաստակաւոր աստուածաբաններու: Այս անգամ այդ կոչման պիտի արժանանայ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին: Զայն Կաթոլիկ աշխարհի մէջ կը համեմատեն Սուրբ Օգուստինի հետ` հաշուի առնելով առաջին հերթին ոչ թէ աշխատութիւններու քանակը, այլ ազդեցութիւնը հաւատացեալներու մէջ:

Կայքը մանրամասն կ՛անդրադառնայ Նարեկացիի կենսագրութեան: Կը նշուի, որ ան մեծապէս նպաստած է հայ առաքելական եկեղեցւոյ զարգացման: Կայքը կը գրէ, որ Նարեկավանքը, ուր ուսանած է Գրիգոր Նարեկացին, 1915 թուականին Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ հիմնովին աւերուած է, իսկ 1915-23 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գնացած է 1,5-2 միլիոն հայ:

infocatolica.com-ը կը գրէ, որ Նարեկացին ականաւոր աստուածաբան է եւ հայ գրականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը: Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են շատ լեզուներով, իսկ 1984 թուականին երգահան Ալֆրետ Շնիթկեն Նարեկացիի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ գրած է երաժշտական գործ երգչախումբի համար:

Ալպերթօ Ռոխոյի յօդուածը կ՛աւարտի “Մատեան ողբերգութենէն” մէջբերումով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.