Վանի Արտամէթ Քաղաքին Մէջ Հայատառ Ցուցանակներ Զետեղուած Են
\n
\n ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վան նահանգի Արտամէթ (թրքերէն՝ Էտրեմիթ) քաղաքի փողոցներուն մէջ տեղադրուած ցուցանակներուն վրայ հայերէն գրութիւններ աւելցուած են: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը:
\n Արտամէթի քաղաքապետ, քր-տամէտ, Ժողովրդավարական տա-րածաշրջաններու կուսակցութեան (DBP) անդամ Սեւիլ Ռոյպին Չեթինը այս մասին խօսելով՝ պարզաբանած է, որ իրենց նպատակը հասարակութեան մէջ հայերուն հանդէպ եղած թշնամական պատկերացումներուն վերջ դնելն է եւ հայերուն հանդէպ համակրանք ձեւաւորելը:
\n «Քիւրտ ժողովուրդը Անատոլուի մէջ դարերով իրեն հետ ապրած հայ ժողովուրդին հետ պատմական, մշակութային, հասարակական ընդհանրութիւններ ունի: Մինչեւ 1915 թուական Վանն ու Ատրամէթը մեծաթիւ հայերով բնակուած վայրեր եղած են: Այդ պատճառով մենք թոյլ պիտի չտանք, որ պետութեան կողմէ եւ անոր փափաքով ջնջուի հայոց պատմութիւնը եւ անհետանայ հայկական մշակոյթը: Մենք այդ քայլը կատարած ենք որպէս հայերուն հանդէպ յարգանքի դրսեւորում», յայտնած է քիւրտ քաղաքապետը:\n