Քիւրտ Ղեկավարը Ցեղասպանութեան Համար Հայերէն Ներողութիւն Խնդրած Է
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ կայացած ձեռնարկի մը ընթացքին, Թուրքիոյ Մարտին քաղաքի քիւրտ քաղաքապետ Ահմետ Թիւրք Հայկական Ցեղասպանութեան մէջ քիւրտերու մեղսակցութեան համար ներողութիւն խնդրած է հայերէն:
Թրքական «Մարքսիսթ» կայքին համաձայն՝ քրտամէտ Ժողովրդավարական հասարակութիւններու համախմբումի նախկին առաջնորդը ըսած է. «Միջագետքը եւ Անատոլուն իրարու հետ ապրած տարբեր ժողովուրդներով են հարուստ, սակայն ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ հոն ապրած ժողովուրդները ցեղասպանութեան ենթարկուած են», ապա աւելցուցած, թէ Երիտթուրքեր կուսակցութեան մշակած ծրագիրի իրականացման ընթացքին քիւրտերը շահագործուած են: «Մենք կը ցաւինք, որ մեր պապերն ու հայրերը մասնակցած են այդ կոտորածներուն: Մենք երբեք չենք մոռնար մեր եղբայրներու ցաւը», ըսած է Թիւրք՝ ներողութիւն խնդրելով հայերէն, ինչպէս նաեւ ասորիներէն եւ եզիտիներէն: