Տեմրիթաշ. «Երեսփոխաններ Պիտի Դարձնենք, Ե՛ւ Ալեւիները, Ե՛ւ Հայերը»
- (0)

Թուրքիոյ քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ) համանախագահ, ծագումով զազա քիւրտ Սելահեթթին Տեմիրթաշ «Եոլ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն կատարած է շարք մը յայտարարութիւններ։
Խօսելով 2015-ին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին՝ Տեմիրթաշ նշած է, որ ԺԺԿ-ն իբրեւ կուսակցութիւն վստահաբար պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն՝ յաղթահարելով 10 առ հարիւրի պարտադիր շեմը։
«Ի՞նչ է, գողերը կրնան նպատակ ունենալ հասնելու 50 առ հարիւր ձայներու, իսկ մենք չե՞նք կրնար յաղթահարել 10 առ հարիւրնոց շեմը», ակնարկելով իշխանական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում (ԱԶԿ) կուսակցութիւնը՝ ըսած է Տեմիրթաշը։ Ան նաեւ հերքած է իշխանական ճամբարէն իրեն ուղղուած քննադատութիւնները, թէ իբրեւ թէ կը համագործակցի կիւլենական ուժերու հետ։ Հարցազրոյց տալ կիւլենական համայնքի մօտիկ թերթերէն մէկուն, ըստ Տեմիրթաշի, դեռ չի նշանակեր համագործակցիլ անոնց հետ։ ԺԺԿ-ի համանախագահը մասնաւորաբար դժգոհած է, որ ալեւիներուն տեղ չեն տար իշխանական համակարգին մէջ։ Մինչեւ իսկ հասարակ տնօրէնի պաշտօնի վրայ չեն նշանակեր որեւէ ալեւի։ Սակայն պէտք է, որ անոնք երեսփոխաններ ունենան օրինակ խորհրդարանին մէջ։
«Մեծ թիւով ալեւի երեսփոխաններ պէտք է ըլլան», ըսած է Տեմիրթաշ։ «Ալիեւիի, հայի, քիւրտի հոգերը մեր հոգերը պիտի ըլլան։ Ձեռք ձեռքի պիտի տանք, երեսփոխաններ պիտի դարձնենք ե՛ւ ալեւիները, ե՛ւ հայերը»։