Հայ Հոգեւորականները Ամանորին Առիթով Այցելած Են Սահմանապահ Շրջաններ
- (0)
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ Ամանորի նախօրեակին Տաւուշ այցելած են հոգեւոր դասու ներկայացուցիչներ՝ Բագրատ եպս. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ: Անոնք այցելած են Տաւուշի Պառաւաքար, Ներքին Կարմրաղբիւր, Այգեպար, Մովսէս, Չինարի գիւղերը, զօրամաս եւ դիրքեր: «Մենք մեկնել էինք ոչ թէ աջակցութիւն ցուցաբերելու կամ օգնութիւն տանելու կարիքաւոր ընտանիքներին, այլ շնորհակալութիւն յայտնելու եւ շնորհաւորելու մեր սահմանապահ հերոս ժողովրդին Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան հրաշազարդ տօների առիթով: Գնացել էինք իրենց իսկ աջակցութիւնն հայցելու», Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Բագրատ եպս. Գալստանեան։
Էջմիածինէն Տաւուշ ուղղուած հիւրերը իրենց հետ տարած են նուէրներ շուրջ 400 երեխայի համար: Նուէրները տրամադրուած են քանատահայ Րաֆֆի Քէօհնելեանի ու անոր կնոջ՝ Արմինէի կողմէ: 29 Դեկտեմբերին Բերդի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչի տօնին առիթով Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանի ձեռամբ օծուած են նուիրատուներուն կողմէ եկեղեցւոյ նուիրաբերուած Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչի, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի, Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերանի, Սուրբ Յովհաննէս Մանդակունիի սրբապատկերները:
Ուխտագնացութեան կազմակերպման իմաստով իրենց ներդրումը ունեցած են Մայր Աթոռի ընկերային կեդրոնը՝ Իսահակ վարդապետ Պօղոսեանի տնօրինութեամբ, ԵՀԽ հայաստանեան «Կլոր սեղան» հիմնարկը, Մայր Աթոռի վարչատնտեսական բաժինը, «Ուըրլտ Վիժըն»ի հայաստանեան գրասենեակը, տէր եւ տիկին Պետրոս եւ Մարալ Պաղտասարեանները (Լոս Անճելըս), տէր եւ տիկին Ճոն եւ Սօսի Մանուկեանները (Մոնթրէալ), տիկին Նառա Աբրահամեանը (Լոս Անճելըս), «Աղբիւր» մանկական հանդէսը:
