Ատրպէյճանական Լոպին Նիւ Հեմփշիրի Մէջ Եւս Կը Տապալի
ՔԱՆՔՈՐՏ.- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ատրպէյճանական լոպին անգամ մը եւս ձախողած է իր քարոզչական արշաւին մէջ, երբ Նիւ Հեմփշիր նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը Փետրուար 11ին կասեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի ազատութեան դէմ ուղղուած՝ հակահայ քարոզչութիւն կատարող եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բռնապետական կարգերուն կողմէ առաջարկուած բանաձեւ մը:
«Նիւ Հեմփշիրի Ներկայացուցիչներու տունը արդարացուց իր «Ազատ ապրէ կամ մեռիր» կարգախօսը՝ մերժելով ենթարկուիլ Ալիեւի միջազգային հակաքարոզչական արշաւին, որուն նպատակն է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը ոտնակոխել: Ուրախ ենք, որ Նիւ Հեմփշիրը միացաւ Քոլորատոյին, Միսիսիփիին, Հարաւային Տաքոթային, Թենըսիին, Հաուայիին եւ Ուայոմինկին՝ մերժելով օժանդակել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն», յայտարարած է Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Սթիւըն Մեսրոպեանը:
Հայ Դատի յանձնախումբը դիմած էր օրէնսդիրներուն, որպէսզի մերժեն բանաձեւը, որուն ձախողութիւնը ապահովելու աշխատանքին մէջ մեծ ջանք տարած էր Նիւ Հեմփշիր նահանգի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Հերի Ազարեանը՝ իր պաշտօնակիցներուն ներկայացնելով Պաքուի բռնարարքները։
«Ցաւալի է, որ ատրպէյճանական վարչակազմը հայերու հանդէպ ատելութիւն տարածելու նպատակով կը շարունակէ իր ապատեղեկատուութեան արշաւը Ամերիկայի տարածքին՝ պատմութիւնը աղաւաղելով եւ Արցախի դէմ իր բռնարարքներու պատասխանատուութենէն խուսափիլ փորձելով: Մենք շնորհակալ ենք Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի՝ այս շրջանին մէջ գործող խումբին եւ Նիւ Հեմփշիրի ողջ հայութեան, պատմական փաստերը նահանգի օրէնսդիր մարմինին ներկայացնելու նպատակով արագ եւ համակարգուած ջանքեր գործադրելնուն համար», ըսած է Միացեալ Նահանգներու մօտ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան: