Բերիոյ Հայոց Առաջնորդ Շահան Արք․ Սարգիսեան այցելեց Քեսապ


25 Նոյեմբեր 2014-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեանն ու Ազգ․ Վարչութեան անդամ Զարեհ Փօլատեանը այցելեցին Քեսապի Ազգ․ Ուսումնասիրաց ճեմարան, խրախուսեցին աշակերտութիւնն ու հանդիպում ունեցան ճեմարանի տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ, զրուցելով վարժարանի ուսումնակրթական ընթացքին, դժուարութիւններուն եւ աշակերտներու ընդհանուր վիճակին շուրջ։ Սրբազան հայրը յորդորեց մշտանորոգ թափով ու կորովով լրումին հասցնել ուսումնական տարին եւ խաղաղութիւն մաղթեց սուրիական հայրենիքին ու Քեսապին, բարձր գնահատելով աշակերտներուն հետեւողական ընթացքը։

Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ ողջ հայութիւնը ամբողջականօրէն զօրավիգ կը կանգնի սուրիահայ վարժարաններուն եւ աշակերտութեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.