Նախարար Քէնիի հետ քննարկուեցան Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի համագանատական ծրագիրները
Դեկտեմբեր 7-ին, Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Գանատայի միացեալ Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Մոնթրէալի մէջ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Աշխատանքի, ընկերային հարցերու եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քէնիի հետ։ Նախարար Քէնի Գանատայի տարածքին կը շարունակէ իր հանդիպումները Գանատայի ազգային փոքրամասնութիւններու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ։
Հանդիպման ընթացքին, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Գանատայի միացեալ Մարմնի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան համապարփակ ձեւով նախարարին ներկայացուց Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու համահայկական ենթածիրը, ինչպէս նաեւ Գանատայի մէջ նախատեսուող ծրագիրները։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի տագնապը, յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները ծայրայեղ կրօնական կազմակերպութիւններու կողմէ։
Հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին 100-ամեակի միացեալ Մարմնի անդամներ Ռուբէն Գույումճեան եւ Յակոբ Արսլանեան։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։