Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 2013-2014 տարեշրջանի ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ


Կցուած կը գտնէք Համազգայինի 2013-2014 տարեշրջանի ՏԵՂԵԿԱՏՈՒն, ուր կ՚արտացոլայ Համազգայինի ընդհանուր գործունէութիւնը։

 

 1928 թուականի Մայիս 28ին՝ ինը մտաւորականներէ բաղկացած խումբ մը, որոնց մէջ կը գտնուէին գրող եւ մանկավարժ՝ Լեւոն Շանթ, պատմաբան ու քննադատ՝ Նիկոլ Աղբալեան, Հայաստանի Ա Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար՝ Համօ Օհանջանեան, ինչպէս նաեւ բեմադրիչ ու արուեստի քննադատ՝ Գասպար Իփէկեան՝ Գահիրէի մէջ կը հիմնեն «Համազգային Հրատարակչական ու Մշակութային Ընկերակցութիւնը»:

Համազգայինի նպատակն է նոր սերունդին ընդհանուր կրթութեան կողքին ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն, փորձելով պահպանել ազգային գիտակցութիւնն ու մշակութային աւանդութիւնները հայրենիքէն դուրս ապրող ժողովուրդի մնացորդացին մօտ:

Համազգայինի մասնաճիւղեր կը բացուին յաջորդաբար Միջին Արեւելքի բոլոր գաղութներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոպա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիա: Վերանկախացումէն ետք Համազգայինը օժտուեցաւ Հայաստանի մէջ հաստատուած գրասենեակով:

Համազգայինը իրագործած է երկրորդական ու բարձրագոյն ուսման հիմնարկներու շարք մը, որոնցմէ ընթացաւարտ եղած են գրողներ, բանասէրներ, քաղաքական եւ ազգային գործիչներ:

«Համազգային Հրատարակչական ու Մշակութային Ընկերակցութիւնը» նաեւ ծաւալած է հսկայական հրատարակչական գործունէութիւն, եւ անցնող 70 տարիներու ընթացքին, ներառեալ 30 տարի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Համազգայինը սատարած է մշակութային յառաջխաղացքին:

Կցուած ՏԵՂԵԿԱՏՈՒն

http://www.hamazkayin.com/newsletter-list/


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.