Թուրքիոյ Մէջ Պահպանուած Հնագոյն Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Պիտի Մատուցուի


Tert.am կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող հնագոյն հայկական եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ: Եկեղեցին կառուցուած է 1191-ին:

Կեսարիոյ 820-ամեայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին տակաւին կը շարունակէ ծառայել հաւատացեալներուն:

13 մարտ 2015-ին նշեալ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի պատարագ մը, որուն կ՛ակնկալուի, որ մասնակցին Թուրքիոյ տարբեր կողմերէն եկած հայեր:

Կ՛ենթադրուի, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին Կեսարիոյ մէջ պահպանուած հնագոյն կառոյցներէն մէկն է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.