Մայր Աթոռը Օգնած Է 150 Սուրիահայ Ընտանիքներու
1533
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ընկերային ծառայութիւնը, «Ա-ջակցութիւն կարիքաւոր եւ անապահով ընտանիքներին» ծրագիրի ծիրին մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օծման եւ գահակալութեան 15ամեակին առիթով 4-19 Նոյեմբերին նիւթական օգնութիւն տրամադրուած է Հայաստանի մէջ ապաստան գտած 150 սուրիահայ ընտանիքներու:
Ըստ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգին նոյն ծրագիրով դրամական եւ նիւթական օգնութիւն յատկացուած է Հայաստանի տարբեր մարզերէն 70 առաւել անապահով բազմազաւակ ընտանիքներու, ուսանողներու, հաշմանդամներու եւ միայնակ մայրերու: