Տինքի Սպանութեան 8րդ Տարելիցը՝ Եւրոխորհրդարանին Մէջ


Ֆրանք Էնկել եւ Նիքոլա Դաւիթեան
Ռաքել Տինք
Եւրոխորհրդարանի փոխնախագահ  Կրաֆ Լամպստորֆ

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Յունուար 21ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ նշուեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան 8րդ տարելիցը, նախաձեռնութեամբ Եւրոխորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանք Էնկելի, Եւրոպայի ՀԲԸՄէն Նիքոլա Դաւիթեանի, Եւրոպայի հակացեղապաշտական «EGAM» խմբաւորումին եւ թրքական «Տուրտէ» ընկերակցութեան: Այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին հանգուցեալի այրին՝ Ռաքել Տինք, եւ Եւրոխորհրդարանի փոխնախագահ Կրաֆ Լամպստորֆ:
Եւրոպայի տարբեր անկիւններէ 200 հոգի փութացած էր Պրիւքսէլ: Ֆրանք Էնկել բացումը կատարեց հանդիսութեան. բեմ հրաւիրեց Եւրոխորհրդարանի փոխնախագահը, որ իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց, թէ այսօր աշխարհը պէտք ունի Հրանդ Տինքի նման յանդուգն լրագրողներու, որոնք եւրոպական մարդկային իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան ներկայացուցիչներն են:
Ցուցադրուեցան փաստագրական ժապաւէններ Տինքի կեանքէն ու յետ մահու՝ անոր զօրակցութեան քաղաքացիական շարժումներէն: Երկրորդ խօսք առնողը եղաւ Ռաքել Տինք, որ յիշեցուց, թէ ժամանակը եկած է ճանաչումի, բոլոր սպաննուածներու հոգիներու հանգստեան համար:
Իր կարքին, ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Երուանդ Զօրեան շեշտեց թրքական կողմէն պատմութեան խեղաթիւրումը, որուն զոհն են ոչ միայն թուրք ժողովուրդը, այլեւ՝ եւրոպացիները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.