Մամլոյ Ազատութեան Իմաստով Հայաստան Առաջատար Տեղ Կը Գրաւէ Տարածաշրջանի Երկիրներուն Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Լրագրողներ առանց սահմաններու» միջազգային կազմակերպութիւնը հրապարակած է աշխարհի երկիրներուն մէջ զանգուածային լրատուամիջոցներու ազատութեան մակարդակին անդրադարձող ցանկը, ըստ որուն, Հայաստան մամլոյ ազատութեան հարցով առաջատար է տարածաշրջանին մէջ: Թէեւ այս տարի Հայաստան նահանջած է 4 դիրք եւ գրաւած է 78րդ հորիզոնականը, բայց եւ այնպէս ան շատ աւելի առաջ անցած է դրացի Վրաստանէն, Ատրպէյճանէն, Իրանէն եւ Թուրքիայէն։ Միջազգային կազմակերպութեան արժեւորման մէջ նշուած է, թէ 2013 թուականի ընտրութիւնները Հայաստանի մէջ կայացած են համեմատաբար աւելի հանդարտ մթնոլորտի մէջ, իսկ լրագրողներուն նկատմամբ շատ հազուադէպ բռնութիւններ արձանագրուած են։
Վրաստան կը գտնուի 84րդ դիրքի վրայ, Թուրքիա՝ 154րդ, Իրան՝ 173րդ, իսկ Ռուսիա՝ 148րդ: Ատրպէյճան կը զիջի նոյնիսկ ափրիկեան Կամպիային: Անիկա 4 կէտով նահանջած է եւ յայտնուած 160րդ դիրքի վրայ՝ աւելի վատթարացնելով իր դրութիւնը:
Ատրպէյճան կը գտնուի յետամնաց երկիրներու շարքին։ Իսկ ամէնէն վատ դիրքերը կը գրաւեն Իւզպեքիստան (166րդ) եւ Թուրքմէնիստան (178րդ):


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.