Թուրքիոյ Խորհրդարանի անդամ Սեպահաթ Թունջել Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Օրինագիծ Ներկայացուց


Թուրքիոյ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) կին պատգամաւոր Սեպահաթ Թունջել Թուրքիոյ խորհրդարան ներակայացուցած է աղմկահարոյց օրինագիծ-առաջարկ: Այս մասին կը յայտնէ ermenihaber-ը։

Թունջել օրէնսդիր մարմնին կ’առաջարկէ ընդունիլ Հայոց  ցեղասպանութեան համար երկրի նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի` հայերէն ներողութիւն խնդրելու մասին առաջարկը: Ի դէպ ներողութիւնը ան պէտք է խնդրէ պաշտօնապէս ողջ Թուրքիոյ Հանրապետութեան անունով:

Առաջարկուող օրինագիծի համաձայն` Թուրքիոյ նախագահը պաշտօնապէս ներողութիւն պէտք է խնդրէ խորհրդարանի ամբիոնէն: Իսկ յաջորդ օրը կոտորածի վայրերէն մէկուն մէջ նախագահի կողմէն պէտք է ընթերցուի ներողութիւն խնդրելու տողերը: Անկէ ետք առաւելագոյնը 1 տարուան ընթացքին ստեղծուի խորհրդարանական յանձնաժողով, որուն առջեւ պէտք է բացուին պետական բոլոր արխիւները: Օրինագիծով կ’առաջարկուի Ապրիլ 24-ը սգոյ օր յայտարարել ու ամրագրել օրացոյցի մէջ, ինչպէս նաեւ կատարել նիւթական ու բարոյական փոխհատուցում:

Այս մասին տեղեկացնող թրքական «Էնսոնհապեր» լրատուական կայքը կը նշէ, որ քրտական ծագումով թուրք պատգամաւորը Հայոց ցեղասպանութեան հետ միասին իր օրինագիծի մէջ կը յիշատակէ նաեւ Տերսիմի, Մարաշի, Սվասի, Չուրումի քրտական կոտորածներու մասին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.