Թուրքիոյ մէջ պիտի ստեղծուի հայկական հաւաքական գերեզմաններու յայտնաբերման հիմնադրամ


Թուրքիոյ մէջ գործող տարբեր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ, Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու ընկերակցութեան գլխաւորութեամբ, հաւաքական եւ զանգուածային գերեզմաններու հիմնադրամ պիտի հիմնեն:

Ըստ «Ակօս»-ի՝ հաւաքական գերեզմաններու յայտնաբերման աշխատանքները կը տարուին երեք ուղղութեամբ` 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու գերեզմաններ, 1925-ին եւ 1930-ականներուն տեղի ունեցած քրտական ապստամբութեանց և հետագայ քրտական պատերազմներու ժամանակաշրջաններու գերեզմաններ: «Հայոց ցեղասպանութենէն և 1990-ին սաստկացած քրտական պատերազմներէն ետք իւրաքանչիւր գերեզմանափորման աշխատանքի ժամանակ կը յայտնաբերուին ոսկորներ, հետաքննութիւն կը կատարուի, կը դիմուին դատարաններ, սակայն պետութիւնը մինչ օրս այդ ուղղությամբ յստակ քայլեր չէ կատարած: Հաւաքական գերեզմաններու իրականութիւնը տարիներ շարունակ եղած է մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւններու օրակարգին վրայ, յատկապէս` սոյն կազմակերպութեան Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտի) մասնաճիւղը երկար ժամանակ կը փորձէ գտնել զանուածային գերեզմաններու վայրերը: Միութիւնը պատրաստած է նաև յայտնաբերուած վայրերու քարտէսը: Դեկտեմբերի 16-ին հրապարակուած զեկոյցին համաձայն՝ 348 զանգուածային գերեզմաններու մէջ գտնուած է 4201 դիակ, սակայն զեկոյցին մէջ չեն ներառուած 1915-ի տուեալները»,- կը տեղեկացնէ «Ակօս»-ը:

 «Ակօս»-ը կը տեղեկացնէ, որ, Սղերդը 1915-էն առաջ եղած է հայահոծ բնակավայր, այնտեղ մինչև Ցեղասպանութիւն ապրած է 4032 հայ: Երեք եկեղեցի ունեցող Սղերդը ոչ միայն հայերու, այլ նաև ասորիների բնակութեան կեդրոն եղած է: Իսկ հայկական կոտորածը բոլորի յիշողութեան մէջ թարմ է ` Սղերդի մէջ գրեթե բոլորը գիտեն հայերու զանգուածային կոտորածի վայրերուն մասին: «1915-էն ետք քաղաքի մէջ քրտացման շարժում սկիզբ առաւ: Աւելի ուշ, քրտական քաղաքական շարժման կարևոր կեդրոններէն մէկը համարուող Սղերդի մէջ 1989 թուականին սպաննուեցան աւելի քան 300 ՔԱԿ-ի (Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւն-PKK) զինեալներ և նետուեցան Նէուալա անունով յայտնի գիւղաքաղաքի Դահիճներու առուն»,- կը գրէ «Ակօս»-ը և կը տեղեկացնէ, որ ըստ զեկոյցի, այնտեղ յայտնաբերուած են 48 զանգուածային գերեզմաններ: Զեկո՚յցին մէջ կը նշուի, որ Նէուալա գիւղաքաղաքին մօտ կան հայերու եւ քիւրտերու զանգուածային գերեզմաններ:

 Մարդու իրաւունքներու Սղերդի մասնաճիւղի նախագահ Զանա Եաւուզը, «Ակօս»-ի յայտնած է. «Սղերդը հայերու և ասորիներու քաղաք էր: 1915-էն ետք քրտական քաղաքի վերածուեցաւ: Այդ մասին քաղաքի բնակիզները բոլորը գիտեն: Թեհթամեթերխանեն նոյնպէս հայերու կոտորածներու վայր եղած է: Թեհթամեթերխանէի բարձունքի ժայռերուն վրայ տակաւին հայերու ոսկորներ կան…»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.