Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբի հանդիպումը Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներու հետ
- (0)

Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն փոխանցեցին Սուրիոյ հայութեան վիճակին, Արցախի հիմնահարցի բանակցային գործընթացի եւ անվտագնութեան իրավիճակին, Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու սառած գործընթացին, տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ոչ-կառուցողական քաղաքականութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին կարգ մը հարցերու մասին իրենց ներկայացուցած կազմակերպութեան տեսակէտներն ու մօտեցումները։ Հանդիպումը մաս կը կազմէր Լոնտոնի եւ Երեւանի մէջ, պարբերաբար Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչներու կողմէ Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներու հետ ունեցած հանդիպումներու շարքին։