ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Ասթանայի Մէջ Կը Մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Ժողովին
ԵՐԵՒԱՆ, «ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան».- Ընկերվար Միջազգայնականի (Սոցինտերն) ԱՊՀի, Կովկասի եւ Սեւծովեան յանձնախումբի հերթական ժողովը սկսած է Սեպտեմբեր 15ին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ, այդ երկիրի Համազգային ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ:
Ժողովին կը մասնակցին կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ՝ Մոլտովայէն, Պելոռուսէն, Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն, Ղազախստանէն, Հայաստանէն, Տաճիկիստանէն, Ատրպէյճանէն եւ Հունգարիայէն: Ներկայ է նաեւ Ընկերվար միջազգայնականի գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալան:
Ժողովին մասնակից ՀՅԴ պատուիրակութեան կազմին մէջ են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ համանախագահն է նիստին, եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ժողովի միւս համանախագահն է Ալեքսանտրա Տոպոլին (Հունգարիա):
Ժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ղազախստանի Համազգային ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավար Ժարմախան Թույաքպայ:
Ժողովին առաջին օրակարգը կը վերաբերէր տարածաշրջանին մէջ հակամարտութիւններուն եւ խաղաղութեան որոնման ճիգերուն: Գլխաւոր նիւթը Ուքրանիոյ իրադարձութիւններն էին: Ելոյթ ունեցան Ուքրանիոյ ընկերվար ժողովրդավար, Արդար Ռուսիա, ՀՅԴ (Արմէն Ռուստամեան) եւ այլ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ընկերվար միջազգայնականը (Socialist International) ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է: Անիկա կը համախմբէ աւելի քան 140 երկիրներէ 170 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:
ԱՊՀ երկիրներու կուսակցութիւններէն ՀՅԴն լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ունեցող առաջին կուսակցութիւնն է: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը անոր փոխնախագահն է, իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը՝ ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան երկրներու յանձնախումբի համանախագահը: ՀՅԴ համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց ընկերվար միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY):